«Ցնծանք եւ ուրախանանք մեր փրկութեան համար»։ (Ես. 25.9) Ընթերցել...
ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏ
Ուրախութեամբ կը ծանուցենք, թէ Կիրակի 2 Հոկտեմբերի առաւօտեան Ազգ. Առաջնորդարանի սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ ու դասաւանդութեամբ Յունաստանի Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Եպս. Տողրամաճեանի սկսաւ 2011-2012 տարեշրջանի կիրակնօրեայ վարժարանը գնահատելի թիւով աշակերտներու մասնակցութեամբ։
Մշակուած յատուկ ծրագրի համաձայն աշակերտներուն արդէն իսկ սկսաւ դասաւանդուիլ աղօթքներ, շարական, Աւետարանի մեկնութիւն, շաբթուան սուրբին ծանօթացում, ազգային եւ հոգեւոր նիւթերով մտային խաղեր, վարժութիւններ եւ երգեր։ Օրուայ աշխատանքի աւարտին աշակերտները մասնակցեցան Ս. Պատարագի վերջին բաժնին։
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք առաջին հերթին ծնողներուն, որոնք կը շարունակեն իրենց զաւակները քաջալերել ու մղել կիրակնօրեայ։ Ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն բոլոր այն կամաւորներուն որոնք յանձն կÿառնեն աշակերտներու փոխադրութիւնը։
Կիրակնօրեայ վարժարանը սկսաւ. հաճոյքով կը սպասենք նոր աշակերտներու մասնակցութեան։
Աթէնք, 3 Հոկտեմբեր 2011 Դիւան Յունահայոց Ազգ. Առաջնորդարանի