Կիրակի, Մայիս 19, 2013

ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՕՍՔ

«Ցնծանք եւ ուրախանանք մեր փրկութեան համար»։ (Ես. 25.9) Ընթերցել...

ԼՈՒՐԵՐ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Հինգշաբթի 15 Սեպտեմբեր 2011-ի երեկոյեան ժամը 7։30-ին, ընդառաջելով Յունաստանի մօտ Ինտոնիսիոյ Դեսպանութեան Յունահայոց Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Խորէն Եպս. Տողրամաճեանի ուղղած հրաւէրին, Նէոս Գոզմոսի Հոգեւոր Հովիւ‎՝ Տ. Նարեկ Քհնյ. Շահինեան յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր ներկայ գտնուեցաւ Ինտոնիսիոյ դեսպանատան պուրակին մէջ կազմակերպուած ընդունելութեան, Ինտոնիսիոյ անկախութեան 66-րդ տարեդարձին առթիւ։
Դեսպանատան մուտքին, հիւրերը դիմաւորուեցան, դեսպան Պրն. Ահմէտ Ռուշտին եւ իր ազնուափայլ տիկնոջ կողմէ, ապա դեսպանատան անձնակազմը գլխաւորութեամբ առաջին քարտուղար Պրն. Ապտուլ Ֆաթթահ Զայինալի, հիւրընկալուեցան օրուան պատշաճ տօնական մթնոլորտի մէջ։
Ընդունելութեան ներկայ էին դեսպաններ, զանազան երկիրներու պետական եւ քաղաքական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, եկեղեցականներ, համալսարանական դասախօսներ եւ լրագրողներ։
Աւարտին Տ. Նարեկ Քահանայ Հայրը յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Յունահայութեան, շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանին հրաւէրին համար, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց  անձնակազմը իրենց անկախութեան 66-րդ տարեդարձին առիթով։ 

ԽՈՐԱՆ

Տեղեկագիր

Այցելուները

ԱՅԺՄ ԴՈՒՆ 4 ԱՅՑԵԼՈՒՆ ԵՍ

Հպումներ

mod_vvisit_countermod_vvisit_countermod_vvisit_countermod_vvisit_countermod_vvisit_countermod_vvisit_counter

Facebook