Կիրակի, Մայիս 26, 2013

ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՕՍՔ

«Ցնծանք եւ ուրախանանք մեր փրկութեան համար»։ (Ես. 25.9) Ընթերցել...

ԼՈՒՐԵՐ

Ալեքսանտրուպոլսոյ Պոնտոսցիներու ցեղասպանութեան հոգեհանգիստ

22/05/2013

Հաղորդագրութիւն

Ընդառաջելով Ալեքսանտրուպոլսոյ փոխ մարզպետի եւ Ալեքսանտրուպոլսոյ Պոնտոսցիներու միութեան հրաւէրին, Կիրակի 19 Մայիս 2013ին, կէսօրէ առաջ ժամը 10-ին, Յունահայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Եպս. Տողրամաճեան ընկերակցութեամբ շրջանի հոգեւոր հովիւ Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեանի, Ազգային Վարչութեան փոխ ատենապետ՝ պրն. Ստեփան Շէմմասի եւ անդամներ՝ պրնք. Յարութիւն Եզեկիէլեանի, Ստեփան Փափազեանի եւ տիկ. Մաննիկ Աշրեանի ու Ալեքսանտրուպոլսոյ թաղական խորհուրդի փոխ ատենապետ՝ պրն. Կարէն Մելիքսէթեանի ներկայ գտնուեցան Ալեքսանտրուպոլսոյ Յունաց Առաջնորդարանիստ Այիոս Նիքոլաոս մայր Տաճարի մէջ կատարուած Պոնտոսցիներու ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին կատարուած հոգեհանգստեան արարաողութեան, որ կատարեց Ալեքսանտրուպոլսոյ Յունաց առաջնորդական փոխանորդ Տ. Իրինէոս վարդապետը։

Ներկայ էին՝ ներքին գործոց նախկին փոխ նախարար պրն. Եորղոս Տոլիս, փոխ մարզպետ տիկ. Եորղիա Նիքոլաու, քաղաքապետ պրն. Էվանկէլոս Լամպրաքիս, Էվրոս նահանգի երեսփոխաններ, քաղաքական եւ զինուորական ներկայացուցիչներ ու հոծ բազմութիւն մը։

Հոգեհանգստեան արարողութեան յաջորդեց քայլարշաւ դէպի Պոնտոսցիներու ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշակոթողի առջեւ, ուր տեղի ունեցաւ բանախօսութիւնը ապա զետեղուեցան դափնեպսակներ։

Արեւելեան Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ հայոց միջ թաղային խորհուրդի կողմէ դափնեպսակ զետեղեց տոքթ. Ստեփան Փափազեան եւ Ալեքսանտրուպոլսոյ հայոց թաղական խորհուրդի կողմէ պրն. Կարէն Մելիքսէթեան։

Աւարտին, «Զինուորական Լէսխի»էն ներս տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, ուր Սրբազան Հայրը եւ Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչները ջերմ զրոյցներ ունեցան քաղաքական անձնաւորութեանց հետ։

Ս. Յարութեան տօն Ս. Տիոնիսոս եկեղեցւոյ մէջ

13/05/2013 

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

            Թեմիս Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Եպս. Տողրամաճեան եւ Ազգային Վարչութեան անդամ պրն. Նազար Աւագեան, ընդառաջելով Աթէնքի Նահանգապետարանի հրաւէրին Շաբաթ, 4 Մայիս 2013-ի երեկոյեան ժամը 11.30-ին ներկայ գտնուեցան Ս. Տիոնիսոս եկեղեցւոյ մէջ Ս. Յարութեան տօնի արարողութեան, որուն նախագահեց Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի Բարձր. Տ. Իէրոնիմոս Արքեպիսկոպոսը:

            Աւարտին, Սրբազան Հայրը յանուն Յունահայ գաղութին փոխանցեց Ս. Զատկուան տօնի իր ջերմ բարեմաղթութիւնները Արքեպիսկոպոսին, ինչպէս նաեւ եկեղեցական ու պետական այլ անձնաւորութիւններու:

 

 

                                                                                         Դիւան

                                                    Յունահայոց Ազգ. Առաջնորդարանի

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Սելանիկ Ապրիլ 24

24/04/2013

Հայոց Ցեղասպանութեան 98-ամեակին առիթով՝ Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած հոգեհանգիստին ներկայ եղած է Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ ն ախարարը

Մարզային իշխանութիւններու նախաձեռնութեամբ  Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին հոգեհանգստեան արարողութիւն, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի եւ Հայ Դատի Յանձնախումբի համագործակցութեամբ։

Պատարագը մատուցեց Գերշ. Տ. Սահակ վրդ. Եմիշեան։

Յունաստանի կառավարութեան որպէս ներկայացուցիչ՝ նախարար Թէոտորոս Քարաօղլու դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութեան ոճրագործութիւնը՝ մարդկութեան դէմ ոճիր բնորոշելով այն: Յատկանշականօրէն ան ըսաւ թէ «կարելի չէ մարդոց դասակարգել լեզուի, կրօնքի եւ մշակոյթի միջեւ տարբերութիւններու հիմամբ: Մեր պարտքն է պաշտպանել Հանրապետութիւնը եւ պայքարիլ բոլոր այն երեւոյթներուն դէմ, որ բռնութիւն եւ ամբողջատիրութիւն կը պարտադրեն»: Ան աւելցուց թէ «ներկայ պայմաններուն տակ մեր ընկերութիւնը շեշտուած կերպով պէտք ունի համերաշխութեան: Այդպէս ուրեմն, մեր այսօրուայ ներկայութիւնը իւրայատուկ կերպով՝ «Չեմ մոռնար» եւ «Երբե՛ք դարձեալ» պատգամները կը փոխանցէ» ըսաւ նախարարը:


Արիւնատուութիւն 

Տ արբեր նախաձեռնութիւններով յատկանշուեցաւ Ապրիլ 24ի օրը Թեսաղոնիկէի մէջ:

Առաւօտեան, Թեսաղոնիկէի «Տէր Զաքարեան» սրահէն ներս, արիւնատուութեան արշաւ կազմակերպուեցաւ, Հայ Գթութեան Խաչի «Անի» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ։ Ինչպէս Աթէնքի, նոյնպէս Թեսաղոնիկէի մէջ աւանդ ունեցող նախաձեռնութիւն մըն է արիւնատուութեան արշաւը, որ ամէն տարի կը կազմակերպուի եւ անկէ գոյացած արեան քանակութիւնը կը տրամադրուի Թեսաղոնիկէի   հիւանդանոցին։

Քաղուած Ազատ Օրէն

 

Հոգեհանգիստ Աթէնք Ապրիլ 24

24/04/2013

ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ՆԷԱ ԶՄԻՌՆԻԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՅՈՒՇԱԿՈԹՈՂԻՆ ԱՌՋԵՒ

Յունաստանի պետութիւնը 1996էն ի վեր ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութեան պատմական փաստը: Անկէ ետք, որպէս երկրի օրէնք, Հայոց Ցեղասպանութեան տարեկան ոգեկոչումը (հոգեհանգիստ եւ քաղաքական ձեռնարկ) կը կազմակերպուին նոյնինքն պետութեան նախաձեռնութեամբ, Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ Ռ.Ա.Կի Հայ Իրաւանց խորհուրդի համագործակցութեամբ:

Աթէնքի մարզպետարանի նախաձեռնութեամբ եւ հայ յարանուանութեանց կրօնական պետերու հովանաւորութեամբ, երէկ Չորեքշաբթի 24 Ապրիլի կէսօրէ ետք ժամը 4.30ին, Նէա Զմիռնիի հայկական յուշակոթողին առջեւ հանդիսաւոր հոգեհանգիստի արարողութեամբ ոգեկոչուեցաւ Հայոց Մեծ Եղեռնի անմեղ զոհերու յիշատակը:

Հայ յարանուանութեանց կրօնական պետերուն եւ կրօնական դասուն կողմէ տեղի ունեցաւ երգեցողութիւնը եւ հոգեհանգիստը Ապրիլեան Եղեռնի 1.500.000 զոհերու յիշատակին:

Հոգեհանգիստէն անմիջապէս ետք Յունահայոց թեմակալ առաջնորդ Խորէն եպս. Տողրամաճեանի կողմէ ընթերցուեցաւ ամենայն հայոց Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառներու համատեղ կոչ-պահանջքը՝ ուղղուած Թուրքիոյ պետութեանոր ամփոփ գիծերու մէջ յունարէնի թարգմանուեցաւ ընկ. Արաքսի Աբէլեան-Գոլանեանի կողմէ:

Հելլէն հիւրերու կարգին ներկայ էին կառավարութեան եւ վարչապետ Անտոնիս Սամարասի կողմէ Ապակեդրոնացման ղեկավարութեան ընդհանուր քարտուղար Տիմիթրիոս Քալողերոփուլոս, Ատիկէի փոխ մարզպետ Աթանասիոս Քոնտիլիտիս, Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ Սթավրոս Ծուլաքիս, Ցամաքային զօրքերու «Էվէլփիտոն» սպայից վարժարանի պետի անձնական ներկայացուցիչ մայոր Խարալամպոս Քանաթաս, Նէա Զմիռնիի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Քաթերինա Քութեթէ եւ քաղաքապետութեան մշակոյթի հաստատութեան փոխ նախագահ Եորղոս Քրիքրիս, Պոնտոսցիներու «Սեւ ծով» միութեան կողմէ Սավաս Զեւղարոփուլոս:

Ներկայ էին Յունաստանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գագիկ Ղալաչեան, ՀՀ արտակարգ դեսպանորդ եւ լիազօր նախարար Մինաս Մարտիկեան, հիւպատոս Մարիամ Յարութիւնեան, ինչպէս նաեւ Յունաստանի զինուորական սպայից վարժարանի մէջ Հայաստանէն ուսանողները, գլխաւորութեամբ Յունաստանի մօտ ՀՀ ռազմական կցորդ գնդապետ Սամուէլ Ռամազեանի:

Ներկայ էին Ռ.Ա.Կ. Հայ Իրաւանց Խորհուրդն ու Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը, յունահայ կրօնական դասը, ազգային մարմիններու, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Եռագոյններով զարդարուած պուրակի մուտքին կանգնած էին Հ.Մ.Ը.Մ.ի արի-արենուշ, երեցներու եւ խմբապետներու կազմերը, որոնք պատուի կ'առնէին ժամանող պաշտօնական անձնաւորութիւնները: Իրենց կողքին շարուած էր նաեւ Նէա Զմիռնիի քաղաքապետութեան ֆանֆարը, որ նուագեց հայկական եւ յունական ոգերգները, իսկ բեմին շուրջ շարուած էին հայ աշակերտները:

Օրուան հանդիսութեան նախագահեց պրն. Յակոբ Առաքելեան, որ յունարէն լեզուով փոխանցեց օրուան խօսքը:

Ապա՝ նախագահը հրաւիրեց Յունաստանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պրն. Գագիկ Ղալաչեանը, որպէսզի իր խօսքը փոխանցէ ներկաներուն:

Այնուհետեւ, համախմբեալ ժողովուրդին ողջոյնի խօսք ուղղեց Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ պրն. Սթավրոս Ծուլաքիս, որ դատապարտեց   յոյն եւ հայ զանգուածներուն դէմ թրքական պետութեան ոճրագործութիւնը: Ան յիշատակեց Նէա Զմիռնիի եւ հայրենի Սիսիան քաղաքապետութեան հետ բարեկամական սերտ յարաբերութիւնները, հաւաստիացնելով թէ միշտ հայութեան կողքին պիտի գտնուին:

Խօսք առին նաեւ Ատիկէի փոխ մարզպետ Աթանասիոս Քոնտիլիտիս եւ կառավարութեան կողմէ Տիմիթրիոս Քալողերոփուլոս, որոնք զօրակցական խօսքեր արտայայտեցին, նշելով թէ յունական պետութիւնը կը զօրակցի հայութեան բոլոր նախաձեռնութիւններուն:

Դափնեպսակներու զետեղում

Դափնեպսակներ զետեղեցին՝ Յունաստանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պրն. Գագիկ Ղալաչեան, Աթէնքի փոխ մարզպետ Աթանասիոս Քոնտիլիտիս, Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ Սթավրոս Ծուլաքիս, ՀՀ ռազմական կցորդ գնդապետ Սամուէլ Ռամազեան, կառավարութեան ներկայացուցիչ   Տիմիթրիոս Քալողերոփուլոս, յունահայ   գաղութի կողմէ ընկ. Մանուշակ Սլտրեան-Ցուքալա:

Պաշտօնական արարողութեան աւարտին ժողովուրդը մօտեցաւ յուշարձանին, ծաղիկներ մատուցելով հայ անմեղ զոհերու յիշատակին:

                                                                             Քաղուած Ազատ Օրէն

Հսկում Աթէնք

23/04/2013

 

Հսկումի արարողութիւն Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը անվերջ վառ պահելու սուրբ ուխտով՝ Մեծ Եղեռնի յիշատակման օրուայ՝ Ապրիլ 24ի նախորդող գիշերը, Երեքշաբթի 23 Ապրիլին, Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ  հսկումի արարողութիւն կատարուեցաւ։

Հսկումին հանդիսապետեց Յունահայոց թեմիս առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն եպս. Տողրամաճեան, իր կողքին ունենալով Տէր Նարեկ Շահինեան եւ Տէր Պարէտ Խաչերեան քահանայ հայրերը, ինչպէս եւ Աթէնքի եկեղեցւոյ դպիրները։

Հսկումի արարողութեան ներկայ գտնուեցան վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, Յունահայոց Ազգային Վարչութիւնը, Թաղային Խորհուրդի ու Տիկնանց Մարմնոյ անդամներ, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ եկեղեցին լեցուցած հաւատացեալներու ու երիտասարդներու թիւ մը։

Եկեղեցւոյ խորանին առջեւ սգաբեմ մը կազմուած էր, 1.5 միլիոն զոհերու թիւը խորհրդանշող մոմերով եւ նուրերով:

Սգաբեմին առջեւ պատուոյ որպէս պահակ կանգնած էին Հ.Մ.Ը.Մ.ի արի-արենուշները, երէցներն ու խմբապետները։

Հսկումի արարողութեան ընթացքին կատարուեցաւ գիշերային ժամերգութիւն. ծանր եւ խորհրդաւոր մթնոլորտի մէջ, լսուեցան յատկապէս «Առաւօտ լուսոյ»ն ու «Անբաժանելին» եւ հսկումը աւարտեցաւ հոգեհանգիստի կատարողութեամբ: Առաջնորդ սրբազան հայրը ասմունքեց Պարոյր Սեւակէն հատուածներ, ապա «Եռաձայն Պատարագը»՝ երաժշտութեան ընկերակցութեամբ եւ լուսանկարներու ու հայոց եղեռնի վերաբերող երիզներու ցուցադրութեամբ։ Մեր աչքերուն առջեւէն տողանցեցին Մեծ Եղեռնի զոհ դարձած մանուկները, որբ մնացած երեխաները, որբացած մայրերը, հայ ժողովուրդի ցաւը երգած Կոմիտաս վարդապետը, որոնց գոյամարտով, երգով ու լացով Պարոյր Սեւակի ամբողջ էութիւնը յատկանշուած էր։ Կոմիտասի եղերաբախտ կերպարը իր աչքին առջեւ ունենալով է որ գրի առաւ Պարոյր Սեւակ «Անլռելի զանգակատունը», գեղեցկօրէն շարադրելով իր կեանքը, կրակ ու բոց արձագանգող տողեր գրի առնելով։

Խորհրդաւոր պահու ազդեցութեան տակ բոլորը հետեւեցան ասմունքին, եւ աղօթակից դարձան շարականներուն։ Հաւատացեալներուն եւ ներկայ եղող նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն համար խորհրդածութիւններու պահ էր հսկումը: Անոնք գիտակից իրենց ժառանգութեան, վերանորոգ հաւատարմութեամբ, ոգեկոչեցին Հայոց Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակը։

Արարողութեան աւարտին, սրբազան հօր առաջնորդութեամբ, բոլոր ներկաները «Տէր ողորմեա»ն երգեցին եւ մոմավառութիւն տեղի ունեցաւ, ապա «Հայր Մեր»ով վերջ գտաւ երեկոն։

Ներկաները հիւրասիրուեցան Տիկնաց Մարմնոյ կողմէ պատրաստուած պահքի անուշեղէնով։

                                                                                                    Թղթակից

 

 

 

 

 

Ընթերցել...

Page 1 of 9

Սկիզբ
Նախորդ
1

ԽՈՐԱՆ

Տեղեկագիր

Այցելուները

ԱՅԺՄ ԴՈՒՆ 10 ԱՅՑԵԼՈՒՆ ԵՍ

Հպումներ

mod_vvisit_countermod_vvisit_countermod_vvisit_countermod_vvisit_countermod_vvisit_countermod_vvisit_counter

Facebook