«Ցնծանք եւ ուրախանանք մեր փրկութեան համար»։ (Ես. 25.9) Ընթերցել...
Ղարաբաղը Մեր Բոլորին Կանչն Է
Յունաստանի Հայ Դատի նախաձեռնութեամբ եւ ամբողջական աջակցութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Սիրոս-Էրմուբոլի կղզիի քաղաքապետութեան, գրեթէ 15-16 տարիներէ ի վեր Ղարաբաղէն Յունաստան կու գան 20-22 զոհուած ազատամարտիկներու զաւակներ ու կը հիւրասիրուին տեղւոյն քաղաքապետութեան կողմէ իրենց պատասխանատուներուն հետ։
Հաւանաբար շատեր թերթի կամ այլ ձեւով իմացած են եւ կամ կը լսեն այս մասին ու վերջ։ Սակայն շատ քիչեր են անոնք, որոնք իսկապէս տեղեակ են հոն կատարուող աշխատանքին ու մանաւանդ երեխաներու իսկական իրավիճակին ու այլ անհրաժեշտ տեղեկութեանց։
Այս տարի պատեհութիւնը ունեցայ Ղարաբաղի անկախութեան 20ամեակին առիթով անձամբ քանի մը օր Ղարաբաղցիներուն հետ ըլլալ նախ Բիրէայի «Խածիքիրիաքիօ» որբախնամ կեդրոնին եւ ապա Սիրոս կղզիին մէջ, ուր երկուստէք առիթը ունեցայ նաեւ ծանօթանալու տեղւոյն յոյն պատասխանատուներուն եւ այլ բարձրաստիճան անձնաւորութեանց հետ։
Հետաքրքրական էր տեսնել այս տարուան տղաքն ու աղջիկները, որոնք իրապէս համեմատաբար նախորդող տարիներուն աւելի լաւ պայմաններու եւ մանաւանդ առողջապահական իմաստով աւելի կայտար էին. բայց հասարակաց կապը բոլորին միջեւ նոյնն էր, որովհետեւ ինչպէս անցեալին նոյնպէս եւ այսօր եկողներուն մեծամասնութիւնը նոյն հուրէն կ՛այրէին՝ հօր կարօտ, հայրական գիրկ, հայրական պաշտպանութիւն ու ձեռք, որ իրենց ձեռքը բռնէր եւ առաջնորդնէր կեանքին մէջ...
Տեսնելով ու մանաւանդ տղոց հետ քանիցս զրուցելով, դասախօսելով եւ յատկապէս միասին խաղալով ծովուն մէջ թէ դուրս, զգացի թէ որքան արագ ձեւով իրարու հարազատներ դարձանք, բնականաբար կը հասկնայի այդ, բայց չէի ուզեր արտայայտուիլ...
12 տղայ եւ 10 աղջիկներ էին անոնք կարծէք Աւետարանի պատկերով 12 աշակերտներ եւ 10 կոյսեր..., որոնք իրենց երգերով, պարերով ու մանաւանդ արտասանութիւններով կղզիաբնակ տեղացիներուն եւ դուրսէն եկած ժողովուրդին համակրութիւնը գրաւեցին անմիջապէս։ Անոնցմէ քանի մը հոգին իրողապէս ապագայ մեծ տաղանդներ կը խոստանային ըլլալ, բայց հարցումս եւ մտահոգութիւնս այն էր, թէ որքանով ծնողազուրկ այս պատանիները պիտի կարենային հետապնդել իրենց երազները։ Անձնական շփումներուս մէջ տեսայ եւ կ՛ուզեմ վկայել թէ որքան քաջածանօթ էին մեր պատմութեան եւ մշակոյթին։ Մեծամասնութիւնը զուտ հայկական անուններով, (ոմանք տակաւին չմկրտուած հասկնալի պատճառներով) Վարդան, Մասիս, Վահէ, Լեւոն, Հրանդ, Տիգրան, Արսէն, Անդրանիկ, Մարիամներն ու Աստղիկը եւ շարքը բոլորին։ Իսկապէս ափսոս պիտի ըլլայ որ ասոնք մարին երկրի տագնապալի վիճակին պատճառով ըսի պատասխանատուներուն։ Մեր յարաբերութեանց մէջ գաղափարը ունեցանք 16 տարուան բոլոր եկողները Ղարաբաղի իշխանութեանց ու պատասխանատուներու հաւանութեամբ, հոն օր մը հաւաքուինք եւ տեսնենք այսօր ո՞ւր եւ ի՞նչ կ՛ընեն մեր բալիկները։
Ղարաբաղը բոլորիս կանչն է «Կարմիր բայց սեւ ունի իր սրտին»։ Այդ երեխաներէն շատերն ալ մեր բոլորին ինչու չէ նաեւ աշխարհին կարիքն ու աջակցութեան պէտք ունին, մին ձեռքը կորսնցուցած, միւսը տակաւին նոր հօրմէ զրկուած ազերի որսկանի մը կապարով, ուրիշ մը հայրը չէ ճանչցած այլ միայն պատկերով, ուրիշ մը տակաւին չծնած ծնողքը նահատակուած եւայլն եւայլն։ Հակառակ այդ բոլորին անոնց հաւատքն ու կամքը այնքան բարձր էր, որ բոլորիս ուշադրութիւնը գրաւեց երբ անոնցմէ շատեր տեղացիներուն եւ մեզի ըսին թախծութեամբ թէ քանի մը երկիրներու քմահաճոյքին պատճառաւ այսօր մեր հայրենիքը տակաւին չէ ճանչցուած, օդակայան ունինք բայց չի գործեր, շրջափակուած ենք, ամէն ինչ ունինք բայց միեւնոյն ժամանակ բան մը չունինք...
Ուրբաթ Սեպտեմբեր 2-ի գիշերը, Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան 20ամեակի օրը, տեղւոյն քաղաքապետութիւնը յատուկ ընթրիքով մը պատուեց մեր երեխաները։ Կղզիի ամենէն յայտնի երգիչը երգեց բայց մեր տղաքն ու աղջիկներն էին, որոնք իրենց արտասանութիւններով, երգերով, մեներգներով ու պարերով հմայեցին բոլորը յատկապէս արուեստագէտները, որոնք ներկայ էին այդտեղ։
Այո Ղարաբաղը բոլորիս կանչն է ուստի բոլորս անոր համար մեր կարելին պէտք է ընենք։ Սիրոսի մէջ քանի մը կամաւորներ առանց իրենց անունները յիշելով թողելով ընտանիք, գործ եւ հարազատներ լռելեայն մեծ գործ մը կը կատարեն զոր շատերուն համար դժբախտաբար ծանօթ չէ։ Գործ մը՝ որ այնքան դժուար եղած է այլեւս մեր իրականութեան մէջ՝ կամաւոր յանձնառութիւն, կամաւոր ծառայութիւն, նուիրում, համբերութիւն, հասկացողութիւն, հանդուրժողութիւն եւ մանաւանդ ՍԷՐ... երեւոյթներ որոնք դժբախտաբար օրէ օր կը նօսրանան եւ կամ կը բացակայէին այլեւս անհատներու բառարաններէն...
Ղարաբաղի մեր փոքրիկ քոյրերն ու եղբայրները տեսնելով, անոնց հետ նոյն օդն ու ջուրը, նոյն ճաշերը ըմբոշխնելով անգամ մը եւս առաւել չափով կրնամ վկայել թէ իրապէս ինչ կը նշանակէ անմեղ, արդար, մաքուր եւ պատուաւոր հայ ըլլալ եւ գլուխդ միշտ բարձր պահել։ Հասկցայ թէ ինչ կը նշանակէ ընտանիք, կրօնք, հող, հայրենիք, հայրենասիրութիւն, նահատակութիւն, որոնց մասին ալ խօսեցայ իրենց։ Այդ փոքրիկներուն հետ ըլլալով անտարակոյս ամէն գիտակից ՀԱՅ պիտի հասկնայ թէ ինչ կը նշանակէ գործնականօրէն ՍԻՐԵԼ իր նմանը եւ ոչինչ չխնայել, ու տալ ամէն ինչ... Ու այս բոլորէն աւելի անգամ մը եւս կրնամ փաստել անոնց ընդմէջէն թէ ինչ կը նշանակէ իսկական երջանկութիւնը, որ կրնայ երբեմն նոյնիսկ նուազագոյնին մէջ ըլլալ, ամենէն պարզ բանին մէջ ըլլալ... Հետեւաբար չ՛արժեր պալատներն ու անտառները փնտռել երբ մեր առջեւ մեր ձեռքերուն մէջ ունինք համեստ հիւղակ մը եւ կամ ծառ ու ծաղիկ մը...
Վարձքը կատար բոլոր յայտնի թէ անյայտ հայ թէ յոյն մեր բարեկամներուն, որոնք քանի մը օրերու ընթացքին իրենց անկարելին կարելի կ՛ընեն ժպիտ մը ցանելու երբեմն ածխացած կապ ժպիտ չտեսած այդ դէմքերուն վրայ։ Եթէ 20 տարի առաջ բոլորս ոտքի կանգնած կը կոչէինք «Ղարաբաղը մերն է» «Ղարաբաղը մերն է», այսօր աւելիով, վճռակամօրէն պէտք է գոռանք եւ պայքարինք, որպէսզի իրողապէս մերը դառնայ ու մնայ այն ինչ որ նահատակներու սուրբ արիւնով ձեռք ձգեցինք... Քաջ գիտնալով որ արիւնով ձեռք բերուածը սակարկութամբ ետ չի տրուիր...
Ղարաբաղը մեր բոլորին կանչը թող մնայ ոչ միայն շրթներու վրայ...
Խորէն Եպս. Տողրամաճեան
Առաջնորդ Յունաստանի Հայոց