Ժողովրդային փորձառութիւնը կÿըսէ. «Մարդը լաւապէս ճանչնալու համար անոր հետ ճամբորդէ եւ կամ սեղան նստէ»։ Իրօք այս նախադասու-թիւնը անգամ մը եւս իմաստ առաւ երբ եօթը օրուան համար պատեհու-թիւնը ունեցայ, որպէս հայերէնի ուսուցիչ ընկերակցիլ աշակերտներուս, դէպի Հայաստան կատարած իրենց պտոյտին, որ կը հովանաւորուէր Յունաստանի Ազգային Վարչութեան, Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջ. Վարչութեան եւ ծնողներու բարոյական եւ նիւթական աջակցութեամբ։
«Ա. եւ Ժ. Ճէնազեան» միջնակարգի աւարտական դասարանի աշա-կերտներուն գրեթէ մէկ կրթական տարեշրջանի ուսուցչութեանս ընթացքին, օրական մէկ ժամ տեւողութեամբ, որքան ալ որ ըսեմ ճանչցած էի զիրենք սխալ պիտի ըլլար. իսկ երբ Հայաստանի մէջ ամէն օր միասին եղանք օդանաւին, պանդոկին, սեղանատան, հայրենի տեսարժան վայրերուն, վանքերու ու եկեղեցիներու մէջ եւ յատկապէս Ղարաբաղ, իրօք աշակերտ-ներս աւելի մեծցան իմ աչքին, հակառակ կարգ մը անձերու նկարագրային թերութիւններուն, ինչ որ բնական երեւոյթ պէտք է սեպել տարիքի իմաստով...
Ուրբաթ 24 Յունիս 2011-ի առաւօտեան, Աթէնքի օդակայանին մէջ կը հաւաքուինք եւ հրաժեշտ կÿառնենք մեր սիրելիներէն ու ծնողներէն։ Կÿանցնինք միջազգային թռիչքներու կողմը, ուրկէ հանրակառքով կÿուղղուինք դէպի «Արմավիա» օդանաւը եւ հազիւ ներս մտած արդէն իսկ մենք մեզի հայրենի հողին վրայ կը կարծենք, քանի որ բոլոր ճամբորդները հայեր էին եւ մայրենի լեզուն տիրապետող ներկայութիւն էր... Օդը այնքան պայծառ էր եւ երկինքը անամպ։ Օդանաւը կը սաւառնի պատմական Հայաստանի վրայէն եւ յանկարծ Արեւմտեան Հայաստանէն անցած պահուն բոլորը միաբերան կը գոչեն Արարատը, Մասիսը։ Իրօք այնքան յստակ կարեիլի չէ տեսնել օդանաւէն մեր ժողովուրդի խորհրդանիշ համարուող այդ գագաթները։ Պրն. տնօրէն՝ Բաբգէնին հետ օդանաւին մէջ կը շարունակենք հայոց լեզուի թէ պատմութեան դասերը մինչեւ, որ կիզիչ արեւն ու օդանաւի ուղղութիւնը կ՛արգիլեն այլեւս տեսնել «Մեր Լեռը»... Կը հասնինք Հայաստան ուր օդակայանը բաւականին ընդարձակուած ու կերպարանափոխուած էր արդիական սարքերով։ Ճամպրուկները վերցնելով դուրս կու գանք եւ կը հանդիպինք մեզ դիմաւորողներու, որոնց հետ կÿուղղուինք դէպի հիւրանոց՝ «Բարեւ Տուն»։ Կարճ դադարէ մը ետք հայկական ընթրիք մը կÿընենք ու կը զբաղինք մեր տեղերը դասաւորելով ապա արդէն գրեթէ մութը ինկած էր երբ ոտքով ման կու գանք Երեւանը ըմբոշխնելու գիշերային իր լոյսերու ընդմէջէն։ Բոլորին դէմքերուն վրայ հպարտութեան ցոլքեր կը նշմարեմ ու հրապարակին վրայ կը սկսինք ծրագրել մեր յաջորդող օրերու ծրագիրները։
Շաբաթ 25 Յունիսին առիթը կÿունենանք մօտէն տեսնելու «Գեղարդ»ը եւ ապա «Գառնի»ն։ Այն ինչ որ պատմութեան մէջ կարդացած եւ կամ լսած էին այժմ կը տեսնէին ու կը շօշափէին իրենց աչքերով ու ձեռքերով։ Կը սկսին հարցումներ եւ ճշդումներ ընել իրարու իրենց գիտելիքներուն մասին։ Իսկ ամենէն յուզիչը «Գեղարդ»ի մէջ բացատրութիւն տալէ ետք թէ ինչ կը նշանակէ «Գեղարդ» եւ ինչպէս կառուցուած էր այդ հրաշալիքը, բոլորս միաբերան «Հայր Մեր»ը կ՛արտասանենք առատութեան որմէ ետք մեր սիրելիներուն համար «Տէր Ողորմիա»ն կը հնչեցնենք հմայելով եւ յուզելով տասնեակ զբօսաշրջիկներն ու տեղացիները։ Նոյնպէս նոյն օրը առիթը կÿունենանք նստելու Երեւանի «Մեթրօ»ն եւ այցելել «Վերնիսաժ» ինչպէս նաեւ Երեւանի հրապարակն ու մօտաւոր վայրեր։ Հետաքրքրական էր որ ամէն ոք տարբեր աչքով կը դիտէր մեզի երբեմն նոյնիսկ նեղացնելու աստիճան եւ անոր համար ալ պատանեկան դժգոհութիւններ կը լսէի իրենցմէ...
Կիրակի 26 Յունիսին կÿայցելենք «Սարդարապատ»։ Հազիւ ժամանած ինքնաբուխ կերպով բոլորս կ՛երգենք «Երբ չի մնում ելք ու ճար»։ Անգամ մը եւս մեր աչքերուն առջեւ կը տողանցեն 1918-ին, Ազատ Հայաստան կերտող մեր պապիկներն ու մամիկները, մեր ժողովուրդը իր բոլոր խաւերով. ու կը լսեմ տղոց կանչը «մեզի պէս խենթերը ճար կը գտնեն», «Մենք հայ ենք», «Մենք ֆէտայիներ ենք» եւայլն լոզունքներ... անկէ կ՛անցնինք թանգարան ուր ականատես ու ականջալուր կ՛ըլլանք մեր հերոսներու պատմութեան ու մանաւանդ անոնց գործածած իրերուն, սպասներուն, գործիքներուն, զգեստներուն ու զէնքերուն։ Դուրս կու գանք թանգարանէն եւ կը շարունակենք մեր զրոյցն ու հարցումները մեր գիտելիքները առաւել եւս հիմնաւորելով։ Յաջորդաբար կ՛երթանք «Էջմիածին» հայ ժողովուրդի Սրբութիւն Սրբոց հանդիսացող վայրը։ Իջման սեղանին կը մօտենան ակնածանքով, իւրաքանչիւրը կը խոնարհի, կը համբուրէ սեղանն ու Աւետարանը, ապա միասին խմբանկար մը կ՛առնենք եւ կ՛ուխտենք հաւատարիմ մնալ մեր ինքնութեան ու մանաւանդ քրիստոնէական վարդապետութեան։ Աշակերտներուն կը փորձեմ աւելիով խրախուսել ըսելով «Հպարտ պէտք է զգաք որ Քրիստոս միայն մեր հայրենիքը եւ ճիշդ այստեղ իջաւ ու ուրուագծեց այս սրբութիւն սրբոցը, աշխարհի առաջին եկեղեցին, պետական կրօնք հրչակուելէ ետք»։
Անկէ կ՛ուղղուինք դէպի «Գայիանէ» եւ «Հռիփսիմէ»։ Ահաւասիկ այլ հրաշալիքներ, ուր մեր առաջին հայրապետը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ամփոփեց անոնց աճիւնները եւ տաճարներ կառուցեց։ Կէսօրուան ճաշէն ետք կ՛ուղղուինք դէպի «Եռաբլուր» Հայ ազատամարտիկներու անշնչացած մարմիններու «պուրակ»ը։ Անմիջապէս հոգեհանգստեան արարողութիւն մը կ՛ընենք, տղաքը «Տէրունական աղօթք»ը կ՛արտասանեն իսկ մենք Հոգւոց մը կ՛ըսենք ու ապա «Դրո»յի եւ «Սօսէ Մայրիկ»ի ու այլ ազատամարտիկներու շիրիմներուն մօտ կը վերապրինք անոնց «տաժանք»ներն ու հերոսական արարքները...
Երկուշաբթի 27 Յունիսի առաւօտեան Երեւանի հրապարակը կը հանդիպինք սփիւռքէն ժամանած հայորդիներու «Արի Տուն» ծրագրի հիմամբ ու ապա բոլորս մէկ կÿուղղուինք դէպի «Խոր Վիրապ» եւ «Նորա-վանք»։ Դժուար թէ կարենամ բառերով արտայայտել այն զգացումը զոր ունեցայ երբ իւրաքանչիւրը երկիւղածութեամբ իջաւ «Խոր Վիրապ» եւ համբուրեց այն քարը ուր Մեծ Սուրբը 13 տարիներ անցուցած էր։ Ապա կ՛երթանք «Նորավանք», բնութեան մէջ այլ հրաշալիք մը տեսնելու եւ պզտիկ աստիճաններէն տղաքը մեծ հաւատքով դէպի եկեղեցի կը բարձրանան։ Ելած թէ իջած ժամանակ իւրաքանչիւրը աղօթք մը եւ մաղթանք մը կ՛ընէ մուրազին հասնելու համար։ Կը բացատրենք իրենց թէ ինչու համար աստիճանները շատ փոքր էին, այն իմաստով որ իւրաքանչիւր եկեղեցի յաճախող անձ, իմանայ թէ որքան դժուար է Աստուծոյ հասնիլը բայց ոչ անկարելի...
Անկէ ետք մեր խումբը կÿառանձնանայ եւ արկածախնդրական ճամբորդութիւնը կը սկսի շարունակելու համար դէպի Սիսեան։ Հազիւ քաղաք մտած քաղաքապետ՝ Պրն. Ակասի Յակոբջանեան, քաղաքապետարանի անձնակազմն ու հայորդիներ կը դիմաւորեն մեզ։ Կ՛անցնինք քաղաքապետին գրասենեակը, հիւրասիրուելէ ետք կ՛առաջնորդուինք հիւրանոց։ Կարճ դադարէ մը ետք Պրն. քաղաքապետին հետ կը շրջինք Սիսեանի տեսարժան վայրերը ապա կ՛ուղղուինք ճաշարան ճաշելու համար։ Ճաշի ընթացքին բարի գալուստի խօսքէն յետոյ անձնապէս շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք, Սիսեանցիներուն ճոխ յայտագիր մը կը ներկայացնենք։ Մեր տղաքը արտասանութիւններով ու զանազան մեներգներով ու խմբերգներով կը համակեն բոլորը, այն աստիճան որ Պրն. քաղաքապետը շատ կը յուզուի եւ իր կարգին կ՛ըսէ «Դուք սփիւռքի մէջ հայ երգով ու բանաստեղծութեամբ կը սնանիք, որուն համար հպարտ պէտք է զգաք իսկ այստեղ հայրենի բնութեամբ եւ իր ժայռերով»... Ապա կ՛անցնինք Շաքէի Ջջրվէժները այլ իսկական սքանչելիք մը նաեւ եւ մեր ու տղոց աղօթքներուն վրայ ջուրերը կ՛առատանան եւ իւրաքանչիւրը տեղւոյն հեռուստատեսիլին իր անձնական տպաւորութիւնները կը փոխանցէ։ Աւելի ուշ կ՛այցելենք հայրենի մեծանուն քանդակագործ եւ արուեստագէտ Պրն. Աշոտ Աւագեանի արուեստից վարժարանը, ուր կը տեսնենք զանազան տարիքի 6-18 տարեկան հայորդիներու ձեռակերտ եղող ստեղծագործութիւնները։ Գրեթէ սպառած կ՛ուղղուինք հիւրանոց։ Արդէն շատ ուշ էր, կը գիշերենք Սիսիանի մէջ եւ անհամբեր լուսաբացը կը սպասենք ուղղուելու համար Ղարաբաղ։
Երեքշաբթի 28 Յունիսը պատմական օր մըն էր մեր աշակերտներուն համար։ Խոստումս պիտի կատարէի։ Աթէնքէն արդէն իսկ ըսած էի թէ Արցախ պիտի տանիմ ձեզի եւ փառք Աստուծոյ յաջողեցանք։ Առաւօտ շատ կանուխ ժամերուն ոտքի ելած կազմ ու պատրաստ ճամբայ կÿելլենք դէպի Արցախ. սահմանի վրայ յատուկ կարգադրութիւն ըլլլաէ եւ արտօնութիւն ստանալէ ետք մուտք կը գործենք աշակերտութեան երազած հերոսական քաղաքը՝ Շուշի։ Մեր առաջին գործը կ՛ըլլայ երթալ եւ այցելել Խազանչեցոցի եկեղեցին։ Յայտնեմ, որ Խազանչեցոց կը կոչուի եկեղեցին որովհետեւ շինութեան ամբողջ գումարը Խազանչի անունով ընտանիք մը հոգացած էր իսկ շինութեան թուականը 18րդ դարուն է։ Բոլորս միաբերան «Հայ Մեր»ը կ՛ըսենք ու ապա պահ մը լռութեան մէջ իւրանաքիւրս իր ներքին ձայնը կը լսէ ու աղօթք կը բարձրացնէ առ Աստուած «Արցախ»ի եւ «Արցախ»ցիին համար։ Դուրս կու գանք եկեղեցիէն հպարտացած, վեհացած ու վերացած։ Կը դառնամ տղոց բացատրութիւններ տալէ ետք կ՛ըսեմ. «Թող Աստուած իր ձեռքը դնէ ու պաշտպանէ այս երկիրը որպէսզի այս «գանձեր»ը մնայուն յուշարարներ ըլլան համայն մարդկութեան Հայու ստեղծագործութեան եւ աներեւակայելի տեսիլիքին»։ Անմիջապէս կ՛ուղղուինք տեսնելու հայկական առաջին հրասայլը, որ Շուշի մտաւ ազատագրելու քաղաքը թէեւ վնասուեցաւ մէջը մահ եւ վիրաւորներ ունենալով, սակայն մնաց ազատագրութեան խորհրդանիշ։ Կ՛իմանանք մեր ուղեկից տիկին Զապէլէն, որ հայկական եւ թշնամիին հրասայլերը նոյնանման էին միակ տարբերութիւնը հայկականին վրայ խաչի նշաններ կային։ Նոյնպէս ազատամարտիկներու ուսերուն խաչի նշաններ, որպէսզի զատորոշուէին թշնամիէն, որոնք նոյնպէս նոյնանման զգեստներ հագած կ՛ըլլային։ Աշակերտները մեծ հպարտութեամբ կը բարձրանան հրասայլին վրայ եւ Արցախցիի հպարտութեամբ կը դիտեն աննման բնութիւնն ու կանաչութիւնը եւ ինքնաբուխ կերպով կը սկսին երգել «Գետաշէն» երգը։ Իրապէս կը զգացուիմ ու դառնալով Տիկ. Զապէլին կ՛ըսեմ. «իրօք այս դասարանի տղաքը տարբեր զգացումներով տղաք են եւ որոշած ենք յառաջիկային դարձեալ միասին պարապիլ հայերէն լեզուն առաւել եւս զօրացնելու, ինչպէս նաեւ Հայոց պատմութիւնն ալ աւելիով իւրացնելու»։ Շուշիէն կ՛ուղղուինք Ստեփանակերտ այցելելու համար Տատիկի ու Մամիկի յուշակոթողը։ Կ՛իմանանք մանրամասն տեղեկութիւններ արձանի մասին ու մանաւանդ խորհուրդին, որ մարմինը հողին մէջ ըլլալով կը խորհրդանշէ հողէն անբաժանելիութիւնը։ Հպարտութեամբ լսելէ ետք արդ բոլորը աշակերտներէն ոմանք իրենց դժգոհութիւնը կը յայտնեն, որ անիմաստ գծագրութիւններ եւ գիրեր կային կոթողին վրայ եւ անմիջապէս բաղդատական կ՛ընեն ըսելով, որ Յունաստան ալ պատերուն վրայ կը գրեն բայց ոչ «Աքրոբոլիսի պատերուն ու սիւներուն վրայ» ու կը շարունակենք ըսելով յաջորդին երբ գանք մեզի հետ պիտի բերենք իրեր, որպէսզի մաքրենք այս «կեղտեր»ը... Կը վերադառնանք Շուշի եւ ճաշելէ ետք ցտեսութիւն կ՛ըսենք «Արցախ»ին որովհետեւ նորէն պիտի այցելենք յաջորդին։ Այդպէս խոստացանք բոլորս։
Արկածախնդրական ճամբորդութիւնը կը շարունակուի այս անգամ Շուշիէն ուղղակի կ՛անցնինք «Տաթեւ»։ Եթէ չեմ սխալիր ոչ միայն առաջին աշակերտները այլեւ առաջին յունահայերը պիտի ըլլային անոնք, որոնք պիտի նստէին աշխարհի ամենէն երկար ճանապարհ ունեցող ճոպանուղին։ Մեծ խանդավառութեամբ եւ քաջութեամբ կը մտնենք ճոպանուղին։ Աստուած իմ ինչ հրաշալիք դաշտերն ու ձորերը, լեռներն ու հովիտները եւ նուաճելով լրիւ ճանապարհը մեր աչքերուն առջեւ կը պարզուի այլ հրաշակերտ մը «Տաթեւ»ը։ Կը հասնինք։ Մեզ կը դիմաւորէ Հայր Զաւէն Եազճեանը, Գորիսի շրջանի փոխ Առաջնորդը եւ անսպառ բացատրութիւններ կու տայ վանքին, ձէթի առաջին հսկայ քարէ շինուած անուաւոր ջաղացքին մասին։ Ապա կ՛անցնինք ու կը տեսնենք Գարեգին Նժդեհի այն սենեակը, որուն մէջ մնացած էր մեծ հերոսը, ուրկէ ծրագրած էր ամէն ինչ եւ պատճառ եղած, որ այդ շրջանը թշնամիին ոտքի կոխան չըլլար։ Աշակերտները որպէս նոր «Նժդեհ»ներ հարցեր կու տային ու մանրամասնութեամբ կ՛ իմանային վանքի այն գաղտնի ճամբաներուն մասին, որոնք օրին մինչեւ ձոր կ՛առաջնորդէին վանքի մէջ մնացողները, անկէ պարէն եւ այլ նիւթեր ապահովելու համար։ «Տաթեւ»ի մէջ եւս «Տէրունական աղօթք»ը կը հնչեցնենք ու ապա Տաթեւացիի Սիւնին մօտ կը խոստանանք առաւել եւս զարգանալ եւ բարձունքներ նուաճել հայութեան սիրոյն։ Ժամանակը շուտ կ՛անցնի պէտք է վերադառնանք։ Կը բաժնուինք «Տաթեւ»էն եւ ճոպանուղին առնելով կը հասնինք Հալիձոր ու անկէ կ՛ուղղուինք դարձեալ դէպի Սիսեան, ուր կը դիմաւորուինք Պրն. քաղաքապետ՝ Ակասիի կողմէ եւ ընթրիքի հիւրը կ՛ըլլանք անոր իր հետ ունենալով դատախազն ու նահանգապետը։ Աշակերտութեան համար հպարտութիւն առթող երեւոյթ էր սեղանակից ըլլալ նման անձնաւորութեանց եւ հակառակ յոգնած ըլլալնուն դարձեալ մեր երգերով, արտասանութիւններով ու խօսքերով կը ճոխացնենք երեկոն եւ երախտագիտութեան զգացումներով կը բաժնուինք Սիսեանէն վերադառնալու համար Երեւան։ Հանրակառքին մէջ ինչպէս ամէն օր, այսօր եւս, այս անգամ աւելի խանդավառուած կը խաղանք հայկական զանազան տեսակի մտային խաղեր մէկը միւսը գերազանցելով։ Յայտնենք որ Սիսեան, Շաքէի Ջրվէժ, Շուշի, Ստեփանակերտ եւ Տաթեւ յատուկ կարգադրութեամբ քաղաքապետ Պրն. Ակասի Յակոբջանեանի մեր խմբին ընկերացան Սիսեանի հեռուստատեսիլի եւ թերթի յատուկ թղթակիցներ յատուկ արձանագրութիւններ կատարեցին, որոնց համար շնորհակալ ենք եւ երախտապարտ։
Չորեքշաբթի 29 Յունիսին կ՛այցելենք «Մատենադարան» եւ անյագ ուշադրութեամբ ականջալուր կ՛ըլլանք իւրաքանչիւր բացատրութեան, որ կը տրուի պաշտօնեայի մը կողմէ։ Հետաքրքրականը այն էր, որ տրուած անուններէն ու ձեռագիրներէն շատերուն պատմութիւնը արդէն ծանօթ էին մեր տղոց ու «տանտէր»ի եւ «իրաւատիրոջ» հոգեբանութեամբ անոնց մասնակցութիւնը կը տեսնէի։ Երբ դուրս եկանք անկէ, քանի մը հոգի մօտեցան ինծի եւ հարց տուին թէ ինչ ձեւով կարելի էր զօրացնել արեւելահայերէնը, որպէսզի աւելիով հասկնային ըսուածները...
Անկէ մեկնեցանք «Սեւան» ուր նախ այցելեցինք Հոգեւոր ճեմարանը, մեզ դիմաւորեց Հայր Շնորհք Սարգսեանը եւ ի պատիւ աշակերտութեան կոկիկ համերգ մը տրուեցաւ, հոգեւոր եւ ժողովրդային երգերու գեղեցիկ փունջ մը։ Ապա աշակերտները արտասանեցին Թումանեանէն, Թէքէեանէն եւ Պէշիկթաշլեանէն կտորներ ու երգեցին քանի մը երգեր։ Ծանօթացանք Ճեմարանի լրիւ շինարարական աշխատանքներուն եւ այցելեցինք այն վայրը, ուր Խրիմեան Հայրիկը մնացած էր։ Այցելելէ ետք եկեղեցիները դարձեալ աղօթեցինք միասին ու ապա ուղղուեցանք լիճ, ուր հերոս տղաքն ու աղջիկները քաջաբար լողացին։ Լիճի լոգանքէն ետք միասնաբար ճաշեցինք Սեւանի ափին ու ապա անկէ ուղղուեցանք Ծաղկաձոր։ Այցելեցինք եկեղեցիները, պտըտեցանք քաղաքը եւ դժբախտաբար ուշ ժամանելնուս չկարողացանք նստիլ Ծաղկաձորի ճոպանուղին։ Ուշ ատեն վերադարձանք Երեւան եւ «Թապպուլէ» անունով ճաշարանի մը մէջ ընթրեցինք աշուղական խումբի մը երգերն ու նուագները ունկնդրելով։ Պահը աւելիով գեղեցկացաւ երբ մեր տղաքն ու աղջիկները սկսան հայական պարեր պարել եւ ապա երգեցինք միասին այն աստիճան, որ ներկայ բազմութիւնը, որոնք կը փորձէին «մրցիլ» մեզի հետ հայկական երգերով, կարողացանք «լռեցնել» զանոնք մեր երգերով ու արտասանութիւններով։ Աւարտին աշակերտներէն մէկուն տարեդարձը ըլլալով, անակնկալ մըն ալ ըրինք, կարկանդակ կտրեցինք եւ լիացած ազգային երգերով ու մանաւանդ ընկերութեան ոգիով վերադարձանք պանդոկ։
Հինգշաբթի 30 Յունիսին այցելեցինք «Ծիծեռնակաբերդ», մեր աշակերտները իւրաքանչիւրը վարդ մը զետեղեց եւ միասին «Հայր Մեր»ն ու «Տէր Ողորմիա» ըսինք։ Այդ վայրկեանին ներկայ էին նաեւ կաթոլիկ սկաուտ պատանիներ, որոնք մասնակցեցան մեր երգերուն եւ աղօթքներուն։ Սրբազանը պատգամ մը ուղղեց բոլորին հաւատարիմ մնալու Հայ Դատին, լսելու նահատակներու ձայնը ու մանաւանդ խոստանալ եւ ուխտել հաւատարիմ մնալու անոնց կտակին... «Ծիծեռնակաբերդ»էն մեկնեցանք «Այբ» ու «Բէն»ի Գիրերու Պարտէզը, ուր իւրաքանչիւր աշակերտ իր անուան տառը փնտռեց եւ յիշատակի նկարներ առինք բոլորս։ Այստեղ ամենէն յուզիչը այն էր որ բոլորս միաբերան ըսինք նկարուինք «Ը» տառին մօտ, որպէս խորհրդանիշ մեր մնայուն ընկերութեան ու բարեկամութեան։
Անկէ ուղղուեցանք «Օշական» եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի շիրիմը այցելեցինք։ Իւրաքանչիւրը առանձին-առանձին համբուրելէ ետք Սուրբին դամբանը, միասնաբար մեր աղօթքը ընելէ յետոյ, դարձեալ ուխտեցինք որքան կրնանք աւելիով հայերէն խօսիլ եւ տէր կանգնիլ Մեծ Սուրբին ստեղծած Ա. Բ. Գ.ին...։ Եկեղեցւոյ մէջ հանդիպեցանք Ղարաբաղ ծառայող երիտասարդներու, որոնք տեսնելով մեր տղաքը, յուզուած ծունկի եկան եւ խնդրեցին Սրբազանէն որ օրհնէ զիրենք։ Կէսօրէ ետք մեկնեցանք «Վանահովիտ» ուր ճաշի հիւրը եղանք Տէր եւ Տիկին Նիկոլ եւ Զապէլ Աբրահամեան¬Պէրպէրեաններուն։ Նոյն վայրին մէջ տղաքը առիթը ունեցան լողալու լողավազանին մէջ, Պռոշեանէն եկած պատանիներու խումբի տղոց հետ եւ ապա միասնաբար զրուցեցինք, երգեցինք եւ խօսքեր արտասանեցինք։ Աւարտին Սրբազանը իր խօսքը փոխանցեց բոլորին. նախ քաջալերեց տղաքը եւ բացատրեց տարբերութիւնը Սփիւռք եւ Հայրենիք ծնած հայորդիներու, ապա ըսաւ ճամբորդութեան ընթացքին ամբողջ ճանապարհներու վրայ տեսանք «Վաճառուում» է եւ կամ «Շտապ Վաճառուում» է... որու հողը որո՞ւ կը ծախուի... անդրադարձաւ օտարներու ներկայութեան եւ խօսքը ուղղելով պատանիներուն ըսաւ, որ արժէքը գիտնան իրենց հողին ու մանաւանդ տէր կանգնին Ս. հողին...։ Պատանիներէն շատեր ազատամարտիկներու ծնողներու զաւակներ էին։ Յայտնենք որ հոս պատեհութիւնը ունեցանք տեսնելու հայրենի հանրածանօթ երգիչ՝ Ռուբէն Հախվերտեանը։ Աւելի ուշ բոլորս Երեւանի հովիտին մէջ ճաշարան մը գացինք, ուր մեր վերջին ընթրիքը ըրինք լսելով նաեւ կենդանի երգ ու երաժշտութիւն։ Բաւական ուշ էր երբ վերադարձանք հիւրանոց գրեթէ սպառած։ Հակառակ այդ իրողութեան չքնացանք այլ պատանեկան չարաճիութեամբ հազիւ պատրաստեցինք մեր պայուսակները «առանց ուզելու», որովհետեւ պիտի վերադառնայինք Յունաստան։
Ուրբաթ 1 Յուլիս 2011-ին առաւօտեան ժամը 4-ին, արդէն կազմ ու պատրաստ էին բոլորը եւ յուզումով ու ուրախութեամբ հրաժեշտ առինք բոլորէն։ Առանց ուզելու մտանք ինքնաշարժ ուղղուելու համար օդակայան։ Երեւանը խաղաղ էր։ Անցանք ճամբաներէն մեզի հետ տանելով այն գեղեցիկ յիշատակները զոր անցուցինք տղոց հետ նոյն այդ վայրերուն ընդմէջէն։ Տղաքը անտրամադիր բաժնուեցան եւ խոստում մը ըրին իրարու, թէ յաջորդ տարի նորէն գան աւելիով ծանօթանալու եւ հասնելու ու նուաճելու այն վայրերը, որոնք չկարողացանք տեսնել քանի մը օրերու ընթացքին։
Հասած ենք օդակայան եւ վերջին խրատը տալէ առաջ միայն այն պահուն բարձրաձայն ըսի իրենց թէ հպարտ էի իրենցմով։ Թէ բոլորի վկայութեամբ լաւագոյն տղաքն էին յատկապէս հայերէն խօսակցութեան իմաստով։ Իսկ աւարտին ըսի բոլորին, կը վերադառնանք եւ պիտի ուզէի երախտապարտ ըլլան ու զգան իրենց ծնողներուն, Հ. Կ. Խաչին եւ Ազգային Վարչութեան կատարածին, որ իրենց երազը իրականացուցին։ Վերջապէս բաժնուինք Հայաստանէն միայն մեր լաւ յիշատակներով առանց յիշելու ինչ որ անախորժ բաներ եղած էին իրարու միջեւ... Կը մտնենք օդանաւ եւ տակաւին չբարձրացած արդէն քնացած են բոլորը։ Կ՛աղօթեմ անոնց մաքուր աճման ու հայ մնալնուն համար... Ժամը 7.30 է Աթէնքի ժամով եւ արդէն իսկ կը դիմաւորուինք ծնողներու եւ սիրելիներու կողմէ։
Աւարտելով նախ պիտի ուզէի ըսել քանի մը օրուան մէջ իրապէս անկարելին կարելի ըրինք այդքան վայրեր այցելելու եւ ոչ թէ տեսնելու։ Միւս կողմէ բոլոր անոնք որոնք Հայաստան կ՛այցելեն մէկ շաբթուան համար երբեք դէպի Հարաւ չեն երթար, այլ կը բաւականանան միմիայն Երեւանն ու մօտակայ վայրերը տեսնելով։ Խոստովանիմ որ քանի մը շրջաններ եւս պիտի կարենայինք տեսնել եթէ կարգ մը անձեր խումբին մէջէն աւելի օգնէին մեզի եւ դիւրացնէին «խումբ» հասկացողութիւնը։ Հակառակ անոր սակայն քիչերէն պիտի մնան այս աշակերտները, որոնք կարողացան Պրն. տնօրէն Բաբգէն Գասապեանի եւ իմ օգնութեամբ այսքան տեղեր նուաճել։ Ուստի անգամ մը եւս պիտի ուզէի շնորհաւորել եւ քաջալերել մեր ծնողները իրենց աննման զաւակներուն համար եւ աւելին պիտի խնդրէի որ հայեցի դաստիարակութեան հետ փոխանցեն նաեւ իսկական մեր արժէքները։ Մեր ծնողներն ու զաւակները պէտք է անդրադառնան թէ կեանքը միայն հաճոյք չէ, կեանքը պայքար մըն է յատկապէս սփիւռքահայուն համար։ Մեր սրբութիւններն ու արժէքները այնքան շատ են բայց դժբախտաբար մեր գիտելիքները երբեմն շատ նուազ։ Անոր համար մի մայն դպրոցը չի բաւեր այդ բոլորը փոխանցելու համար. անոր կողքին ընտանիքը, հայ ծնողքը, ակումբը եւ միութիւնները շատ բան ունին ընելու եւ ընելիք։ Վերջապէս մերօրեայ հովերէն չտարուինք, անտարբերութեան բովէն չվարակուինք այլ աւելի զգաստ ու արթուն մեր զաւակներուն անշահախնդրօրէն փոխանցենք այն ինչ, որ պէտք է փոխանցենք, որպէսզի միշտ մեր զաւակները չըլլան զրպարտուողները կամ մեղաւորները։ Մասնակցինք բոլորս անոնց հարազատ ու հայեցի աճումին ու դաստիարակութեան։ Կը փակեմ ըսելով չեմ գիտեր որքանով նեղացուցի հաւանաբար ոմանց յաճախ խրատներովս, սակայն աւարտին մէկ բան յստակ կրնամ յայտարարել թէ անոնք իրողապէս աշակերտներս էին, իրապէս սիրած էի եւ պիտի շարունակեմ սիրել զիրենք ու անոր համար ալ անկեղծօրէն մտահոգ էի անոնցմով։
Հպարտ եմ մեր աշակերտներով...
Խորէն Եպս. Տողրամաճեան
Առաջնորդ Յունաստանի Հայոց