«Ցնծանք եւ ուրախանանք մեր փրկութեան համար»։ (Ես. 25.9) Ընթերցել...
ՎԵՐԱՄՈՒՏ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
Այսու ուրախութեամբ կը ծանուցենք մեր սիրեցեալ ժողովուրդին, թէ 2011-2012 տարեշրջանին եւս կիրակնօրեայ վարժարանը պիտի գործէ Ազգ. Առաջնորդարանի սրահին մէջ հովանաւորութեամբ եւ դասաւանդութեամբ Յունաստանի Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Եպս. Տողրամաճեանի։
Անհամբեր կը սպասենք մեր անցեալ տարուան աշակերտ-աշակերտու-հիներուն ինչպէս նաեւ բոլոր նորեկներուն, որոնք կÿուզեն մաս կազմել այս տարեշրջանին։ Կը խնդրենք մեր ծնողներէն որ յաւելեալ մանրամասնութեան եւ փոխադրամիջոցին համար կապ հաստատեն Ազգ. Առաջնորդարան 210 3252067 թիւին եւ կամ Պրն. Գարլօ Աքսարէլեանին 6945 814203 թիւին։
Կիրակի 2 Հոկտեմբեր 2011, առաւօտեան ժամը 9.30-ին կը սպասենք բոլորին, շարունակելու համար ազգային հոգեւոր ազնիւ դաստիարա-կութիւնը, ի սէր մատղաշ ապագայ մեր սերունդին։
Աթէնք, 26 Սեպտեմբեր 2011 Դիւան
Յունահայոց Ազգ. Առաջնորդարանի