Չորեքշաբթի, Հունիս 19, 2013

ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՕՍՔ

«Ցնծանք եւ ուրախանանք մեր փրկութեան համար»։ (Ես. 25.9) Ընթերցել...

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հետաքրքրական եւ Շահեկան Պտոյտ մը՝«Մէթէօրա ¬ Լիմնի Բլասթիրա»

27/05/2013

Հետաքրքրական եւ Շահեկան Պտոյտ մը՝

«Մէթէօրա ¬ Լիմնի Բլասթիրա»

Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնն ու Տիկնաց միութիւնը ուրախութեամբ կը յայտնեն թէ կը կազմակերպեն հետաքրքրական եւ շահեկան պտոյտ մը բոլոր տարիքի մարդոց համար բայց մասնաւորաբար երիտասարդութեան, միասին անցնելու Շաբաթ 29 եւ Կիրակի 30 Յունիսին «Մէթէօրա» եւ «Լիմնի Բլասթիրա» աւելի մօտէն տեսնելու եւ ծանօթանալու համար։

Մասնակցութեան սակ 1 անձի համար 75 եւրօ։ Սոյն գումարը իր մէջ կը ներառնէ 5 աստղանի պանդոկ, նախաճաշ, վանքերու այցելութիւն, առաւել Շաբաթ գիշեր պարահանդէս¬ խրախճանքը ինչպէս նաեւ Կիրակի օրուան պտոյտը դէպի «Լիմնի Բլասթիրա»։

Մեկնում Շաբաթ առաւօտ։ Փուլմանը մասնակցողները պիտի առնէ «Զաւարեան»էն եւ Ինթէրքոնթինէնթալ պանդոկին առջեւէն։

Բոլոր անոնք որոնք հետաքրքրուած են սոյն պտոյտով թող բարեհաճին մինչեւ Յունիս 15, հեռաձայնել տիկ. Կիւլա Գարապաճաքեանին 6944166510 եւ կամ տիկ. Արփի Փափազեանին 6944662692, 210 8955692 թիւերուն։

Ծանօթ

Առանձին սենեակ ունենալու պարագային գիները կը փոխուին։ Նկատի ունենալ նաեւ թէ ընտանեօք մասնակցութեան պարագային յարմար սենեակներ գոյութիւն ունին։

 

Հոգաբարձութիւն եւ Տիկնաց

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ

Կարեւոր Ծանուցում

10/05/2013

Կարեւոր Ծանուցում

Նկատի ունենալով վերջին տասնամեակներուն օրէ¬օր կամայ թէ ակամայ նուազումը Հայց. եկեղեցւոյ շարականները երգողներուն եւ միւս կողմէ մեր բոլոր եկեղեցիներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները մարդուժի իմաստով, այսու ուրախութեամբ կ՛ուզենք յայտնել թէ Ազգ. Առաջնորդարանը կը նախաձեռնէ յառաջացնել Ս. Պատարագի երգեցողութեան համար յատուկ երգչախումբ մը, բաղկացած պատանի, երիտասարդ եւ երէց սերունդէ։ Փորձերը պիտի կատարուին Նէոս Գոզմոսի կամ Գոքինիոյ մէջ ըստ յարմարութեան։ Բոլոր փափաքողներէն կը խնդրուի կապ հաստատել Ազգ. Առաջնորդարան հեռաձայնելով հետեւեալ թիւին       210 32 52 067։

Յայտնենք, որ բոլոր մասնակցողները անխտիր ժամանակի ընթացքին պիտի կարողանան տիրապետել նօթաներով երգելու։

 

                                                                                   Դիւան

                                                     Յունահայոց Ազգ. Առաջնորդարանի

 

 

 

 

Յայտարարութիւն

16/04/2013

Յայտարարութիւն - Հաղորդագրութիւն

Երկուշաբթի 15 Ապրիլ 2013, կէսօրուայ ժամը 11:30ին, Գոմոթինիի հայ համայնքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը՝ հոգեւոր հովիւ Տ. Պօղոս քհնյ. Պալթայեանի, ատենապետ պրն. Ստեփան Մատթէոսեանի, փոխ ատենապետ պրն. Միհրան Եսայեանի, անդամներ՝ պրն. Թադէոս Գասպարեանի, պրն. Թագւոր Գույումճեանի եւ տիկին Նելլի Անտրէասեանի մասնակցութեամբ, շնորհաւորական այցելութիւն մը տուին Մարոնիայի եւ Գոմոթինիի նոր մետրոպոլիտ Տ. Փանտելէիմոն եպիսկոպոսին: Յունաց մետրոպոլիտը հայ համայնքի ներկայացուցիչները ընդունեց յունաց առաջնորդարանէն ներս: Տէր հայրը Յունահայոց առաջնորդ Տ. Խորէն եպս. Տողրամաճեանի ողջոյնի խօսքը փոխանցեց մետրոպոլիտին:

Տ. Փանտէլէիմոն եպիսկոպոսը քաջածանօթ էր հայ ժողովուրդի պատմութեան՝ անցեալին ու ներկային: Ան դրուատիքով խօսեցաւ հայ ժողովուրդի մասին եւ շրջանի հայութեան ուղղելով իր խօսքը յայտնեց իր պատրաստկամութիւնը բարոյապէս օժանդակելու եւ նեցուկ կանգնելու հայ համայնքին:

Թաղականութեան ատենապետ պրն. Ստեփան Մատթէոսեան ամփոփ տեղեկութիւններ տուաւ Թրակիոյ հայութեան մասին, յունահայութեան կեանքէն ներս կատարուած անցուդարձերէն, անցեալ Կիրակի օր Սերէսի հայ համայնքէն ներս Ս. Խորանի զետեղման, Գոմոթինիի թաղականութեան ու միութեանց գորոծունէութեանց մասին:

Տէր հայրը եւս տեղեկութիւններ տուաւ Գոմոթինիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս Աւագ Շաբթուայ եւ Ս. Զատկուայ տօնին առիթով տեղի ունենալիք եկեղեցական արարողութեանց մասին: Սրբազանը իր ուրախութիւնը յայտնեց եւ փափաքեցաւ այցելել Գոմոթինիի հայ համայնքին եւ ներկայ ըլլալ Ս. Յարութեան Ճրագալոյցի սուրբ պատարագին:

Այցելութեան աւարտին մետրոպոլիտին յանձնուեցաւ «Գոմոթինիի հայերը» եռալեզու գիրքը:

ԳՈՄՈԹԻՆԻԻ ՀԱՅՈՑ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

 

Յայտարարութիւն

Յայտարարութիւն

12/02/2013                                                                                                                                                                     

Ի գիտութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին կը հաղորդենք թէ Կիրակի 17 Փետրուարին առաւօտեան ժամը 10-ին, Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ ժամերգութիւն հանդիսապետութեամբ Յունահայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Եպս. Տողրամաճեանի։

Ժամերգութեան աւարտին Առաջնորդ Սրբազանը պիտի մեկնաբանէ «Սերմնացան»ի առակը քաղուած Աստուածաշունչէն։

Կը հրաւիրուին բոլորը անխտիր վայելելու արարողութիւնն ու հաղորդուելու օրուան մեկնաբանութեամբ։

Առ ի տեղեկութիւն կը յայտնենք թէ յառաջիկայ Կիրակի Փետրուար 24-ին տեղի պիտի ունենայ հանդիսաւոր եպիսկոպոսական պատարագ եւ հոգեհանգիստ Սումկայիթի զոհերու 25 տարելիցին առիթով։

 

Հոգաբարձութիւն

 

Յայտարարութիւն

2/1/2013
Յայտարարութիւն

Այսու յայտարարութեամբ կը ծանուցենք Ատտիկէի շրջանի մեր ժողովուրդի զաւակներուն թէ 2013-ի Ծնունդէն սկսեալ, շրջանը պիտի գործէ երկու քահանայ հայրերով ցնոր տնօրինում։ Առ այդ Ատտիկէի մեր երեք եկեղեցիներու ծուխերը պիտի մնան նոյնը, այսինքն կապուած իրենց շրջանի եկեղեցիներուն եւ թաղականութեանց, որեւէ արարողութեանց համար։ Իսկ տնօրհնէքի համար միայն քահանայ հայրերը պիտի այցելեն տուները հետեւեալ նոր դասաւորման համաձայն։

Ֆիքսի Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Նարեկ Քհնյ. Շահինեան
Վարի¬Գալիթէա (գիծը)
Վարի - Կեսարիանի ¬ Վիրոնաս
Նէա Զմիռնի ¬ Նէոս Գոզմոս ¬ Այիոս Տիմիթրիոս ¬ Բալիօ Ֆալիրօ ¬ Ղլիֆատա
Աթէնքի կեդրոն - Փսիխիքօ ¬ Խալանտրի ¬ Այիա Բարասքէվի ¬ Զողրաֆու

Գոքինիոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Պարէտ Քհն.յ Խաչերեան
Բիրէայի կեդրոն
Բիրէաս ¬ Մոսխաթօ ¬ Ռէնտիս ¬ Թավրոս
Քերացինի ¬ Տրաբեցոնա ¬ Թապուրիա
Նիքէա ¬ Քորիտալոս ¬ Խայտարի ¬ Բերիսթերի
Նէա Էրիթրէա ¬ Էքալի ¬ Տրոսիա ¬ Այիոս Սթեֆանոս ¬ Տիոնիսոս

Առ ի տեղեկութիւն կը յայտնենք նաեւ թէ Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ Հոգաբարձութիւնն ու Տիկնանց միութիւնը պիտի շարունակեն իրենց աշխատանքները կանոնաւոր կերպով։

                                                                                                                                                                                 Դիւան
                                                                                                                                                      Յունաստանի Հայոց Ազգ. Առաջնորդարանի

Ընթերցել...

Page 1 of 2

Սկիզբ
Նախորդ
1

ԽՈՐԱՆ

Տեղեկագիր

Այցելուները

ԱՅԺՄ ԴՈՒՆ 6 ԱՅՑԵԼՈՒՆ ԵՍ

Հպումներ

mod_vvisit_countermod_vvisit_countermod_vvisit_countermod_vvisit_countermod_vvisit_countermod_vvisit_counter

Facebook